2017-01-28 11:14:00

Պոզէի հասարակութեան հիմնադիր` Էնցօ Պեանքի կը հրաժարի իր Աբբահայրի պաշտօնէն։


(Ռատիօ Վատիկան) 52 տարիներ ամբողջ ծառայելէ եւ ղեկավարելէ ետք Պոզէի հասարակութեան վանական ընտանիքը, 74 ամեայ Էնցօ Պեանքի որ է նաեւ հասարակութեան հիմնադիրը, հրաժարեցաւ իր Աբբահայրի պաշտօնէն  ու անոր տեղ ընտրուեցաւ մինչեւ օրս անոր փոխանորդը հանդիսացող Լուչիանօ Մանիքարտին։

Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Էնցօ Պեանքին հաստատեց թէ հասարակութիւնը կը պատկանի Տիրոջ եւ ոչ թէ ինծի։ Երբ նկատեցի թէ հասարակութիւնը այլեւս հասունութեան շրջանի մէջ է որոշեցի թէ ժամը հասած էր հրաժարելու։

''Մեր հասարակութեան նպատակը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ապրիլ Աւետարանը, մնացածը բոլորովին երկրորդական է'' ըսած է ապա Էնցօ Պեանքին իր ամենաբարի մաղթանքները արտայայտելով  նորընտիր Աբբահօր` ու մաղթելով որ Ան միշտ գործէ ողորմածութեամբ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.